2014-07-19 11:27:39

Իրաք` - Մուսուլի վերջին քրիստոնեաները քաղաքէն կը գաղթեն։


''Մոսուլ քաղաքին մէջ տակաւին ապրող քրիստոնեայ ընտանիքները ներկայիս կը գաղթեն դէպի Էպրիլ, Տոհուք եւ քիւրտական այլ հողամասերը, ուր կեանքը աւելի ապահով է'', կը հաղորդէ Քաղտէացի տեղական եկեղեցին, ընդգծելով որ վերջին այս երկու օրերուն քրիստոնեաներու տեղաշարժը աւելի զօրացաւ երբ ծայրայեղ մահմետականները սկսան նշանով մը յատկանշել քրիստոնեաներու եւ շիիթներու տուները զանոնք բռնագրաւելու միտումով։








All the contents on this site are copyrighted ©.